2015-04-15 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը`''Ընտանիքը` այր եւ կին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 15 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, սովորութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ, շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ ''ընտանիքի'' մասին որպէս ''արու եւ էգ''։

Այսօրուայ խորհրդածութիւնը նուիրուած է ընտանիքի կեդրոնական մէկ թեմային` այն է Աստուծոյ սքանչելի պարգեւը մարդկութեան` այր ու կնոջ ստեղծումը եւ Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդը։ Այս ու յաջորդ հրապարակային ունկնդրութիւնը պիտի յատկացուին այր ու կնոջ տարբերութիւններու ու անոնց փոխլրացումի մասին որոնք դասուած են Աստուածային ստեղծագործութեան գագաթնակէտը։

Սրբազան Հայրը ապա մէջբերեց Ծննդոց գիրքէն հատուածներ ու հաստատեց թէ այրն ու կինը ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերին համաձայն թէեւ ժամանակակից մշակոյթը` իր ներմուծած նոր ազատութիւններով  եւ նոր ըմբռնումներով, տարակոյսներ կը յառաջացնէ այս հասկացողութեան շուրջ, ժխտելով եւ խեղաթիւրելով իրականութիւնը` ինչպէս է պարագան ''Ժենտեր'' տեսութեան։

Յարաբերութիւններու դժուար հարցը լուծելու համար այրն ու կինը պէտք են աւելիով գիտակցիլ իրենց տարբերութիւններուն ու իրար զիրար սիրել աւելիով, որպէսզի կարենան ցկեանս իրագործել ամուսնութեան ծրագիրը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա բացայայտեց երկու կէտեր որուն վրայ հարկաւոր է յանձնառումով գործել. առաջինը` հարկաւորութիւնը աւելիով աշխատելու ի նպաստ կիներուն ու այս ծիրէն ներս անոնց յատկացնելու աւելի մեծ դեր մը ընկերութեան մէջ, իսկ երկրորդը կը հայի մարդուն ու կնոջ որ ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Աստուծոյ հետ հաղորդութիւնը կը ցոլացուի մարդկային զոյգի հաղորդութեան մէջ։

Երկնային Հօր հանդէպ վստահութեան պակասը կը յառաջացնէ բաժանումներ եւ հակազդեցութիւններ մարդու եւ կնոջ միջեւ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ ''Աշխարհը աւելի ներդաշնակ կը դառնայ երբ մարդու եւ կնոջ միջեւ դաշինքը բարիի մէջ ապրուած է''։

Ան ապա ընդգծեց թէ ''Յիսուս մեզ կը քաջալերէ այս գեղեցկութիւնը վկայելու որ է Աստուծոյ պատկերը''։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակեալները զանոնք հրաւիրելով ըլլալու Յարութեան վկաները իրենց ընտանիքներէն եւ իրենց միջավայրերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.